This fourth edition of the series closes the first cycle which would end with a bilingual anthology, with an introduction by Rutgers University professor and scholar Laura Lomas.
Նիւ Եորքի «Alchemical Theatre»ի մէջ, 11 յունիս 2016-ին պիտի կայանայ «Քաղաքին Ձայները» գրական հանդիպումներու շարքին չորրորդը: Այս 4-րդ եռալեզու (հայերէն-անգլերէն-սպաներէն) բանաստեղծութեան հանդիպման, 5 այլ բանաստեղծներու շարքին պիտի մասնակցի նաեւ Լօլա Գունտաքճեանը:
«Քաղաքին Ձայները» Նիւ Եորք քաղաքի մէջ ապրող սպանախօս գրողներու հանդիպումներու շարք մըն է։ Հանդիպման երբեմն հիւրաբար կը մասնակցին համաշխարհային գրողներ, ինչպէս նաեւ գրողներ, որոնց մայրենի լեզուն սպաներէնը չէ, սական ստեղծագործած են սպաներէնով, եւ կամ անոնց գործերը թարգմանուած են սպաներէնի:
«Արեւելք» լրատուական (www.arevelk.am):