Թափառական աստղերուն հարցուցի՝
Ու՞ր են մարդոց թռցուցած խելքերը:Անոնք պատասխանեցին՝ գնա՜ արեւելք
բայց հոն խելքեր չգտայ։
Դեղին դաշտերուն մէջ երկնցայ
ու խոտերուն հարցուցի ու՞ր են
երեւակայական ոգիները ու անոնք
պատասխանեցին՝ շուրջդ դիտէ՛։
Խմողներուն, ծխողներուն, ձուկերուն ու մուկերուն
աչքերուն մէջ խորու՜նկ նայեցայ
ու հարցուցի՝ ու՞ր են ու՞ր թափառական
աստղերը ու անոնք մատով ցցուցին…
մառախուղը։
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀԱՅՐԷՆԻՔ թերթին մէջ։